2016-04-10 12:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապ` ''Յիսուսի ներկայութիւնը ամէն ինչ կը փոխէ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 10 ապրիլ 2016-ի կէսօրին, աւանդութեան համաձայն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Ուրախ Լեր մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքի ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որ քաղուած էր Յովհաննէսի Աւետարանէն (Յովհ 21, 1-19), ուր կը խօսուի Յարուցեալ Յիսուսի` իր աշակերտներուն երրորդ երեւումի մասին, Գալիլիոյ ծովի ափին, եւ որուն ընթացքին տեղի կ՛ունենայ ձկնորսութեան հրաշքը։

Դէպքը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, աշակերտներուն առօրեայի կեանքէն պատմուածքն մընէ, որոնք` Տիրոջ չարչարանքներու, մահուան ու Յարութեան ցնցիչ օրերէն ետք, վերադարձած էին իրենց ձկնորսի աշխատանքին։ Դժուար էր հասկնալ պատահածը եւ երբ ամէն ինչ կարծես կորսուած ըլլար, ահա  թէ Յիսուս դարձեալ կը փնտռէ իր աշակերտները։ Այս անգամ` լճակին մօտ, ուր անոնք ամբողջ գիշերը անցուցին նաւակներու վրայ, առանց բան մը որսալու։ Դատարկ ուռկանները` կարծես կը նմանէին Յիսուսի հետ ունեցած իրենց փորձառութեան հաշուեկշռին. Զինք ճանչցան, ամէն ինչ թողուցին հետեւելու համար անոր, յոյսերով լեցուն...իսկ այժմ.

Ահա թէ առաւօտեան պահուն, Յիսուս կու գայ ու կը կանգնի ծովափի վրայ, բայց աշակերտները չեն ճանչնար զինք։ Այդ յոգնած եւ յուսահատ ձկնորսներուն Տէրը կ՛ըսէ. ''Ուռնակը նաւակին աջ կողմը նետեցէք եւ կը գտնէք''։ Աշակերտները կը վստահին Յիսուսին եւ Անոր հրահանգը կատարելով, առատ ձուկեր կ՛որսան։ Այդ պահուն է որ Յովհաննէս` Պետրոսին կ՛ըսէ ''Տէրն է'' եւ Պետրոս անմիջապէս ծով կը նետուի ու կը դիմէ ծովափ` Յիսուսին։ 

Այդ բացականչութեան մէջ ''Տէրն է'', կայ ս Զատկուայ հաւատքի խանդավառութիւնը, լի ուրախութեամբ եւ զարմանքով, որ կը հակազդէ այդ տարակոյսին եւ յուսահատութեան ու անկարողութեան զգացումին որ պատած էր աշակերտներու սիրտը։  

Յարուցեալ Տիրոջ ներկայութիւնը ամէն ինչ կը փոխէ, խաւարը կը դառնայ լոյս, անիմաստ աշխատանքը կը դառնայ պտղաբեր եւ յոգնութեան զգացումը տեղ կը բանայ նոր սլացքի ու այն վստահութեան թէ Ինք մեր հետն է։

Այդ օրէն ի վեր այս նոյն զգացումները կ՛ոգեւորեն Եկեղեցին` Յարուցեալի հասարակութիւնը։ Եկեղեցին գիտակից է թէ Տէր Յիսուսի հետեւողներուն վրայ ծագած է Սուրբ Զատկուայ յաւիտենական լոյսը։ Քրիստոս իսկապէս Յարեաւ։ Ու եկեղեցին այսօր եւս կը տարածէ այս ուրախ պատգամը։ Մենք` բոլոր քրիստոնեաներս, կանչուած ենք Յարութեան այս պատգամը փոխանցելու բոլոր անոնց որոնց կը հանդիպինք ու յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին, միայնակ են, կը գտնուին դժուար կացութեան մէջ, հիւանդներուն, եւ ճնշուածներուն։

''Բոլորին կը հասցնենք Յարուցեալ Քրիստոսի լոյսը` Անոր ողորմած զօրութեան նշանը'' ըսաւ Քահանայապետը ու հայցեց որ Տէրը վերանորոգէ մեր մէջ Զատկուայ հաւատքը. մեզի հասկցնէ մեզի յանձնուած առաքելութեան` ի սպաս Աւետարանին ու մեր եղբայրներուն, մեզ լիացնէ իր Սուրբ Հոգիով որպէսզի, Մարիամի բարեխօսութեամբ, համայն Եկեղեցւոյ հետ միասին կարենանք հռչակել Անոր սիրոյ մեծութիւնը եւ Անոր ողորմութեան հարստութիւնը։

Խորհրդածութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ապա ողջոյնի խօսք մը ուղղեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներուն որուն ընթացքին դարձեալ կոչ ուղղեց` ազատ արձակելու հակամարտութեան վայրերուն մէջ առեւանգուած անհատները ու յատկապէս կոչ ուղղեց` անցեալ 4 մարտին, Եամանի Ատէն քաղաքին մէջ առեւանգուած Սալեզեան` Հայր Թոմ Ուզհուննալիլի ազատագրումին համար։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկէն ողջունեց հրապարակը համախմբուած խումբերը եւ հրաժեշտ առաւ բոլորէն անոնց մաղթելով բարի կիրակի ու ինչպէս միշտ խնդրելով չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.